Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով, 2-6 Նոյեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցիներու եւ միջ-եկեղեցական կառոյցներու ընդհանուր քարտուղարներու համաժողովը։
Համաժողովին կը մասնակցին 25 ընդհանուր քարտուղարներ՝ Զուիցերիայէն, Դանիայէն, Անգլիայէն, Վատիկանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Հնդկաստանէն, Սկովտիայէն, Իտալիայէն, Պաղեստինէն, Լեհաստանէն, Գանատայէն, Գոլոմպիայէն եւ Պրազիլէն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։
Յայտնենք, որ ընդհանուր քարտուղարներու այս խորհուրդը շուրջ 70 տարիէ ի վեր կը գործէ՝ իբրեւ միջ-եկեղեցական խորհրդակցութեան եւ գործակցութեան հարթակ, նպատակ ունենալով քննարկել եկեղեցիները յուզող հրատապ հարցերը եւ որոնել համապատասխան լուծումներ։
Leave a Reply